2012-09-22 13:05:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հանդիպումը <<միջազգային ժողովրդական քրիստոնեաներ>> Անուան Քաղաքական Կազմակերպութեան Հետ։


Այսօր շաբաթ 22 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գասթել կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց.
ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին. ապա ժամը 12-ին Զուիցերացիներու Սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց <<միջազգային ժողովրդական քրիստոնեաներ>> անուան քաղաքական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ կազմակերպոուած հաւաքի 110 մասնակցողները։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը իր խօսքը կեդրոնացուց ընկերային կեանքէն ներս քրիստոնեաներու յանձնառումին վրայ, <<որ -ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - պէտք է յարատեւէ նոր ոգեւորութեամբ, մանաւանդ այսօրուայ ապրուած ճգնաժամի առթիւ>>։ Սրբազան հայրը ապա ակնարկեց տնտեսական տագնապին ու անոր հետեւանքի մտահոգութիւններուն։
<<Տագնապը կը մղէ մեզ, վերատեսելու մեր ուղեւորութիւնը, նոր կանոններ ստեղծել, եւ յայտնաբերել պարտաւորութեան նոր ձեւեր, ու ռազմավարական եւ ծրագրական նոր առիթներ>>։ Քաղաքական ձեր նպաստը չի կրնար սհամանափակուիլ ու արձագանգել միայն շուկային տրամադրութեան հրատապ կարիքներու այլ պէտք է շարունակել յանձնառումը որպէս կեդրոն հետապնդելու համար ընդհանուրի բարիքը ու նաեւ մարդկային անհատի անփոխանցելի արժանաւորութիւնը։
Սրբազան Հայրը ապա խօսեցաւ կեանքի պաշպանութեան մասին ու ընտանիքի կարեւորութեան որ << կրթութեան հիմնական եւ ազդու միջոցն է>> եւ <<ընկերութեան առաջին հիմնաբջիջը որ կը սնուցէ մարդը, եւ որ հիմն է հասարակական համակեցութեան>>։
ՅՊԲ մարդկային իրաւունքներու մէջ ներփակած էր նաեւ <<իրաւունքը ապրելու միացած ընտանիքի մէջ, բարոյական միջավայրի մէջ որ անձնաւորութեան աճումի նպաստաւոր>>։
Յարգարժան պարոնայք եւ տիկնայք -ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը- եթէ ճիշտ է որ մարդկային արժանաւորութեան պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը պատմութեան ընթացքին վստահուած է, ըլլայ այր մարդոց ու ըլլայ կիներուն առաւելապէս այս պարտականութիւնը կը վերարժեւորուի անոնց որոնք կոչուած են ունենալու ներկայացուցիչներու դեր մը։
Նա մանաւանդ եթէ անոնք խրախուսուած են հաւատքով պէտք է <<ատակ ըլլան վաղուայ սերունդներու ապահովցնելու կեանքի եւ յոյսի պատճառներ>>։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրին կը մաղթեմ որ ոգեւորութեամբ շարունակէք անձնական եւ հասարակական յանձնառումը եւ ձեզի կը վստահեցնեմ իմ աղօթքներս։ Թող Աստուած օրհնէ ձեզ ու ձեր ընտանեկան պարագաները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.